ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF CRESCENTA VALLEY
  • Divine Liturgy
  • Programs
    • Educational Committee
    • Sunday School
    • Youth Group
    • Ladies Auxillary
    • Mens Club
    • Bible Study
    • Church Choir
  • Events
  • About Us
  • NEWS BULLETIN
    • Sunday Bulletin
  • Membership
    • Sign Up >
      • Membership Application
  • Contact
Picture
ՔՐԵՍԷՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒն ԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
«Ողորմեա՛ զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց, եւ  այնոցիկ՝ որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են յանգուցեալ»
Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներու  անհրկիզելի գանձարանը:եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան ու յաւերժութեան անառիկ ամրոցն ու ապահով միջնաբերդը:    
     
Ապրիլի 2005-ին խումբ մը եկեղեցասէր ազգայիններ, Հայկազնեան մեր ցեղի հոգեւոր անմահ գանձերուն արժանաւոր ժառանգորդներ եւ Հայց. Ս. Եկեղեցւոյ յաղթական երթին հաւատարիմ ջահակիրներ պատրաստելու սրբազան տեսլականով,  խորհրդակցելէ ետք Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին հետ, Կը լծուին վարձու եկեղեցիի մը ապահովման, որ կ՛իրականանայ իսկոյն՝ նոյն ամսու վերջաւորութեան: 

      Ամփոփ տողերու մէջ ներկայացնելով Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը  պէտք է խօստովանիլ որ  անկարելի պիտի ըլլայ, ըստ արժանւոյն  գնահատել կատարուած հերոսական աշխատանքը:

     17 Մայիս 2005 թուին, Ազգային Վարչութիւնը,  իր թիւ 334-32 Ա նամակով,  ընդառաջելով շրջանիս միութեանց ու կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի նախանձախնդիր ներկայացուցիչներու փափաքին, պաշտօնապէս հաստատեցին Քրեսենթա Հովիտի ծխական շրջանը, նշանակելով 7 ազգայիններէ բաղկացած յանձնախումբ մը: Իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով Հոգեւոր մատակարար նշանակուեցաւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:

     23 Մայիս 2005- ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահին մէջ,  Յանձնախումբը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Հրայր Պալեանի եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Մատակարար Արժ. Տ. Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի:: Ժողովը ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով: Տիգրան Տէր Սարգիսեան՝ Ատենապետ,Արամ Պէքարեան՝ Փոխ Ատենապետ, Խաչիկ Մանճիկեան՝ Ատենադպիր,Յարութ Օտապաշեան՝ Գանձապահ-Հաշուապահ, Արմէնիա Սինանեան, Ժօրա Մանուչարեան եւՎարուժ Պետիկեան՝ Խորհրդականներ:

     Սոյն ժողովին որոշուեցաւ Անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագի թուականը՝ Կիրակի, 19 Յունիս 2005 ՝ Հայրերու Տօնին օրը, Unity Church of the Valley, 2817 Montrose Ave, La Crescenta-ի մէջ: Պատարագիչ՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:

     Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2005-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, իր հովուական առաջին այցելութիւնը եւ Անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցեց, ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան, շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ խուռներամ հաւատացեալներու: Յընթացս Ս. Պատարագի,Պատարագիչ Սրբազան Հայրը ձեռնադրեց 13 դպիրներ, իսկ 8 դպիրներուն ալ ուրարի տուջութիւն կատարեց:
  
   Յետագային, եկեղեցւոյս մէջ պատարագ մատուցած են Թեմիս հոգեւորականաց դասի Գերապատիւ, Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր:

     Եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարութիւնը կը վստահուի  Տիկ. Ռիմա Կարապետեանին: Երգեհոնային նուագակցութիւնը՝ Պրն Յովսէփ Թորոսեանին: Իսկ երգչախումբին մաս կը կազմեն երկսեռ նուիրեալ դպիրներ եւ դպրուհիներ:


Armenian Apostolic Church of Crescenta Valley
Rev. Fr. Ghevont Kirazian, Pastor
Mailing Address:
P.O. Box 12056
La Crescenta, CA 91224

Telephone: (818) 248-8080

Divine Liturgy celebrated every Sunday at 11:00 a.m. at the Prelacy
The parish community was organized in 2007. Services were held at a rented Church until June of 2010.
Services are currently held at the Prelacy Hall.

EMAIL US
Ծառայել Աստուծոյ կը նշանակէ Աստուծոյ խօսքը քարոզել իմաստութեամբ, գիտութեամբ ու քաջութեամբ, ոչ թէ մարդոց հաճելի ու սիրելի ըլլալու համար, այլ՝ Աստուծոյ...:

ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF CRESCENTA VALLEY

Copyright 2019
Powered by Create your own unique website with customizable templates.
  • Divine Liturgy
  • Programs
    • Educational Committee
    • Sunday School
    • Youth Group
    • Ladies Auxillary
    • Mens Club
    • Bible Study
    • Church Choir
  • Events
  • About Us
  • NEWS BULLETIN
    • Sunday Bulletin
  • Membership
    • Sign Up >
      • Membership Application
  • Contact